Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութիւնը Ապու Տապիի մէջ

արդէն սկսած է ընդունիլ քաղաքացիութեան դիմումնագրերը

«Ազատ-Հայ»-ի Յատուկ

Consul Marat Melikian

2007ին Հայաստանի հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ տեղի ունեցան եւ յատուկ օրէնսդրութիւններ վաւերացուեցան, որուն հիման վրայ  սփիւռքահայերուն տրուեցաւ երկքաղաքացիութեան իրաւունքը: Յետեւաբար անոնք այսուհետեւ կրնան դիմել ստանալու համար Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Մինչ այդ  Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիութեան օրէնքի առաջին գլուխին մէջ, որը վաւերացուած էր 1995ին Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսանի կողմէ, յստակօրէն նշուած էր թէ «Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացի մը չի կրնար միեւնոյն ժամանակ այլ երկրի քաղաքացի ըլլալ»:

Վերջին փոփոխութիւններուն որպէս արդիւնք հազարաւոր ապագայ քաղաքացիներ արդէն դիմած են Հայաստանի քաղաքացիութեան: Ընդունուած այս օրէնսդիրին համաձայն, հայկական ծագում ունեցողներ, որոնք  օտար երկիրներու մէջ կ՛ապրին կրնան դիմել Հայաստանի  քաղաքացիութիւն ստանալու հիւպատոսութիւններու միջոցաւ, մինչ թուղթերու հետ կապուած բոլոր ձեւակերպումները կ՛աւարտին աւելի պակաս քան մէկ տարիէն:

Ապու Տապիի հայկական հիւպատոսութեան գրասենեակը արդէն ամէն ինչ կարգաւորած է ու պատրաստ է ընդունելու դիմումնագրերը: Իսկ ինչ կը վերաբերի դիմումնագրերու պարունակութեան եւ ձեւին, պահանջուած փաստաթուղթերու եւ ընթացքին՝ այս հարցերուն  յստակօրէն կը պատասխանեն հիւպատոսութեան աշխատակազմը: Արդէն, անցած ամիսներու ընթացքին դեսպան Վահագն Մելիքեանը հանդիպեցաւ Ապու Տապիի եւ Քուէյթի հայ գաղութին հետ երեք տարբեր առիթներով եւ անոնց լուսաբանեց պէտք եղած բացատրութիւններով: Այս երեւոյթը լաւ քաջալերանք մը հանդիսացաւ գաղութի հայ համայնքին, որովհետեւ անոնք օգտուելով իրենց ամառնային արձակուրդէն փորձեցին իրենց ծննդավայրերէն ապահովել պահանջուած պաշտօնական փաստաթուղթերը: Կը նախատեսուի որ ամառնային արձակուրդէն անմիջապէս ետք, նկատելի թիւով դիմումներ պիտի կատարուին Ապու Տապիի հիւպատոսութիւն:

Հիւպատոս Մարաթ Մելիքեան (տես լուսանկարը), այս մասին իր կարծիքը յայտնած է հետեւեալ խօսքերով. «Երկքաղաքացիութեան տիրանալը կարեւոր գործակցութիւն մըն է որ հայրենիքն ու սփիւռքը աւելի ու աւելի իրար մօտ կը բերէ: Մենք, հիւպատոսութեան մէջ պատրաստ ենք մինչեւ ամենայետին մանրամասներն բացատրելու եւ պէտք եղած օժանդակութիւնը մատուցելու, որպէսզի հայկական քաղաքացիութեան դիմում կատարելու ընթացքը հեզասահ ընթանայ ու յիշատակելի դէպք մը ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնք փափաքը ունին նոր տեսակի յարաբերութիւն մը սկսելու Հայաստանի հետԱնոնք իրաւունքը ունին դառնալու լիիրաւ քաղաքացիներ, վայելելով բոլոր իրաւունքները, որպէս քաղաքացի իրենց պարտաւորութիւններուն  հետ միասին»:

Սփիւռքահայերը դիմումնագրերու համար պարտաւորուած են ապահովել հետեւեալ փաստաթուղթերը:

Ծանօթ՝ Փաստաթուղթերը պէտք է ըլլան հայերէն, կամ թարգմանուած հայերէնի:

1- Ձեռագիր դիմում մը ուղղուած Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ՝ նորին վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանին, ստորագրուած դիմումը  ներկայացնողին կողմէ: Այնտեղ հարկ է նշել քաղաքացիութեան տիրանալու փափաքը նաեւ հակիրճօրէն նշել շարժառիթներն ու դրդապատճառները:

2- Դիմումնագիր (ներքեւը օրինակ մը կը գտնուի PDF տարբերակով): Կարելի է դիմումնագիրի թղթիկները ստանալ հիւպատոսարանէն: Հիւպատոսարանին հետ կապ հաստատելու մանրամասները կը գտնուին  ներքեւը:

3-Անձին կողմէ գրուած կենսագրութիւն մը կամ CV (շարադրական ձեւով):

4-Անձագիրը (passport) եւ անկէ պատճէն մը:  Անոնք որոնք ունին կեցութեան իրաւունք հարկ է ներկայացնել այդ փաստաթուղթը եւս:

5-Վեց լուսանկարներ հետեւեալ չափերով 35x45 m.m.

6-Ընդհանուր առողջական հաստատագիր վաւերացուած դարմանատունէ մը կամ բժիշկի մը կողմէ:

7-Ոստիկանութեան կողմէ տրուած  չդատուածութեան տեղեկանք՝ (police clearance certificate) այն երկիրներէն ուր անհատը ապրած է վերջին տաս տարիներուն:

8-Պաշտօնավարութեան նամակ (ներկայ գործատեղիէն): Տնային տնտեսութեամբ զբաղող տիկինները զերծ են այս պահանջքէն:

9-Ծննդեան հաստատագիրն: Անոնք որոնք ծննդեան հաստատագիրի փոխարէն ունին քաղաքացիական գրանցման վկայագիր կամ ինքնութեան այլ փաստաթուղթ, պարտին համապատասխան բացատրութիւն ստանալ հիւպատոսէն:

10-Հաստատագիր մը զոր կը փաստէ թէ դիմորդը ունեցած է հայ նախահայրեր: Անձին կնունքի վկայագիրը կամ այլ մօտ ազգականի մը հայկական ինքնութեան փաստը կը ծառայէ այս նպատակին:

11- Զինծառայութեան վկայագիր երիտասարդ տղամարդոց պարագային: Ստուգել Հիւպատոսէն, թէ որ տարիքի եւ քաղաքացիութեան տէր անձերէն նման վկայագիր պահանջուած է:

12-Հարցաթղթիկ մը Հայաստանի սահմանադրութեան վերաբերող (երեսուն հարցումներ՝ չորս էջերով): Քննութիւնը շատ պարզ է եւ հարցումներուն մեծամասնութիւնը ունին տրամաբանական բնոյթ կրող ընտրովի պատասխաններ: Հարցաթղթիկէն նմոյշ մը կը գտնէք այստեղ:

Այլ հանգամանքներու պարագային կը պահանջուին աւելի նուազ փաստաթուղթեր օրինակ՝ անհատներ, որոնք ամուսնացած են հայկական քաղաքացիութիւն կրողներու հետ, կամ անոնք որոնք ժամանակին կը կրէին քաղաքացիութիւն, բայց չեն յաջողած պահպանել զայն, երկքաղաքացիութեան իրաւունքի չգոյութեան պատճառով: Նման պարագայ ունեցողներէն կը խնդրուի հիւպատոսութեան միջոցաւ ստուգել թէ ինչպիսի փաստաթուղթեր կը պահանջուին  ըստ  իրենց պարագաներուն:

Ընդունուողները պէտք է ճամբորդեն Հայաստան ու անձամբ ներկայ գտնուին յատուկ երդման արարողութեան մը:

Դիմումնագրի նմոյշ (PDF տարբերակով եւ հայերէն լեզուով):Իսկ  իսկական դիմումնագիրը   A3 չափով է: (երկու A4 չափի թուղթեր իրար փակած):

Posted on 24 August 2008

Թարգմանութիւն՝ Նանոր Միքայէլեանի / Armenian text by Nanor Mikayelian                                     

 

   
 

Return to English Version || Return to Home page